2012-12-26 12:11:07

Սուրբ Ստեփանոսի Տօնին Առթիւ` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Չորեքշաբթի 26 դեկտեմբետին, Սուրբ Ստեփանոս նախավկային տօնին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենաեկի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած բազմաթիւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց որուն մէջ վեր առաւ Սուրբ Ստեփանոսի օրինակելի կենցաղը մատնանշելով թէ ''անոր մէջ իրականացաւ Յիսուսի խոստումը թէ հաւատացեալները որ կանչուած են դժուար ու վտանգաւոր առիթներու մէջ վկայելու զինք երբէք առանցին պիտի չըլլան. Աստուծոյ Հոգին անոնց պիտի ընկերանայ։

Սուրբ Ստեփանոսի տօնին օրը մենք եւս կանչուած ենք անոր նման մեր աչքերը սեւեռելու Աստուծոյ Որդւոյն որ Սուրբ Ծննդեան ուրախ մթնոլորտի մէջ մեզի կը յայտնուի մարդեղութեան խորհուրդով։
Սուրբ Ստեփանոսը տիպարն է այն բոլոր անձերուն որոնք կը փափաքին Նոր աւետարանութեան ծառայել։ Ան մեզի ցոյց կու տայ թէ ''աւետարանլու'' նորութիւնը կը կայանայ Սուրբ Հոգիի շնորհքով լեցուելու ու Անորմէ առանջնորդուելու մէջ''։ Աւետարանի նորութիւնը կը կայանայ Քրիստոսի խորհուրդին մէջ մխրճուելու ու Անոր Խօսքը ու Սուրբ Հաղորդութեան մէջ ներկայութիւնը իւրացնելու մէջ, այնպէս որ Կենդանի Յիսուսը կարենայ խօսիլ ու գործել իր առաքեալին միջոցաւ։
Աւետարանողը կարող է Քրիստոսը տանիլ ուրիշներուն արդիւնաւոր կերպով երբ իսկապէս կ՛ապրի Քրիստոսով եւ երբ Աւետարանի նորութիւնը կը դրսեւերուի անոր ապրելակերպին մէջ։
Աղօթենք Սուրբ Կոյս Մարիամին որպէսզի Եկեղեցին, այս Հաւատոյ Տարուայ ընթացքին, ականատես ըլլայ մարդոց ու կանանց բազմապատկումին, որոնք Սուրբ Ստեփանոսի նման, գիտնան Տէր Յիսուսը վկայել քաջութեամբ։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու ապա զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ներկայ հաւատացեալները բոլորին մաղթեց ''Բարի Տօնակատարութիւն, Տիրոջ Ծննդեան լոյսին ու խաղաղութեան մէջ։''








All the contents on this site are copyrighted ©.